2008-11-07 13:50:20

2008 Պօղոսեան տարի - Ո՟վ է Պօղոս առաքեալը` խորհրդածութիւն


Պօղոս առաքեալ, որ ծանօթ է որպէս երեքտասաներորդ առաքեալը Քրիստոսի, անսակարկօրէն մեծագոյն առաքեալն է, եւ բոլոր դարերու քրիստոնէական մեծագոյն քարոզիչը եւ գործիչը։ Ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքը (Գործ. ԻԲ 3), Փրկչական թուականին առաջին տարիներուն։ Իր բարձրաոյն կրթութիւնը առած է Տարսոնի յունական համալսարանին մէջ, իսկ կրօնական լրացուցիչ դաստիարակութիւնը՝ Երուսաղէմի մէջ, առ ոտս Գամաղիէլի, ինչպէս ինք կը հաստատէ (Գործ. ԻԲ 3)։Գամաղիէլ կերեւի Գործք Առաքելոցի մէջ, իբրեւ լուրջ եւ ազատամիտ ռաբբի մը, որ իր ողջամիտ եւ իրտես աղափարներով պատճառ կը դառնայ առաքեալներու ազատումին, երբ անոնք հրէական Բարձրագոյն Ատեանի առջեւ հանուած էին դատուելու համար։ Թէեւ Յիսուսի գրեթէ տարեկից կամ անկէ քանի մը տարիներ փոքր, սակայն աւետարանին մէջ ոչ մէկ նշան կայ, որ Պօղոս տեսած ըլլայ Յիսուսը՝ անոր ողջութեան ընթացքին։ Իր հրէական անունն էր Սաւուղ, յունացած ձեւով՝ Սողոս։ Պօղոս, իր Սաւուղ անունը ստացաւ Կիպրոսի Հրովմէացի կառավարիչ Սերիոսի կողմէ, դարձի գալէն յետոյ։ Պօղոս, ինչպէս որ կը տեսնենք Գործք Առաքելոցի մէջ ԺԸ-րդ գլխուն մէջ, արհեստով վրանակար էր, ըստ հրէական սովորութեան, որ ծնողներու վրայ պարտք կը դնէր անպատճառ օգտակար արհեստ մը սորվեցնել իրենց զաւակներուն։ Այս արհեստը Առաքեալին շատ օտակար եղաւ, իր ապրուստը ճարելու համար, իր առաքելական գործունէութեան ընթացքին, առանց ուրիշներու վրայ ծանրանալու։ Պօղոս համադրութիւնն էր իր ժամանակի երեք գլխաւոր մշակոյթներու։ Ծնունդով եւ կրօնքով հրէայ է, ուսմունքով եւ նաեւ լեզուով՝ յոյն, իսկ քաղաքացիութեամբ` հռովմայեցի։ իր այս գրեթէ համամարդկային կազմաւորութեամբ Ս. Պօղոս արդարեւ կատարելագոյն անձն էր քրիստոնէութիւնը հաւասար կերպով, հաւասար ձեռներէցութեամբ քարոզելու հրէական, յունական եւ հռոմէական երեք շրջանակներու մէջ ալ։ Պօղոս, քրիստոնէութեան հետ շփում սկսաւ ունենալ Երուսաղէմի մէջ։ Հետեւաբար, Ստեփանոսի նահատակութենէն ետք, որ քրիտոնէութեան առաջին նահատակն է, Պօղոս ամէնէն եռանդուն ու վնասակարն էր հալածիչներուն։ Կը փութայ Դամասկոս՝` հոն եւս աւերներ գործելու համար։ Ճամբան, Նազովրեցի Քրիստոսը կը սպասէ զինք դարանակալ։ Կը զետնէ Սաւուղը, եւ զինք կը զրկէ տեսողութէնէն։ Սակայն մէկ քանի օր ետք կը բանայ աչքերը, եւ այնուհետեւ Պօղոս կը դառնայ բոլոր դարերու քրիստոնէական մեծգաոյն քարոզիչը եւ գործիչը։ Դամասկոսէն կը մեկնի Արաբիա, ետ կու այ Դամասկոս, անկէ կ՚՚ելլէ Երուսաղէմ, ետ կը ղրկուի Տարսոն, ուր կը մնայ ժամանակաւոր մոռացութեան մէջ, մինչեւ այն օրը երբ Բառնաբաս զինք կը տանի Անտիոք։ Անկէ ետք Պօղոսի համբաւը կը տարածուի Փոքր Ասիոյ եւ Յունաստանի գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ։ 58 թուականին, կը մեկնի Հռոմ։ Վճռական կ՚երթայ Երուսաղէմ, ուր շուտով կը ձերբակալուի եւ կը յանձնուի կայսերական իշխանութեան։ Երկու տարի բանտարկութենէ ետք, կը բողոքէ եւ կալանաւոր կը ղրկուի Հռոմ, ուր դարձեալ բանտ կը մնայ մինչեւ 63 թուին։ Սոյն տարին կ՚արձակուի ու կը մեկնի Սպանիա, ետ կու գայ Արեւելք, կրկին անգամ կը ձերբակալուի, կը տարուի Հռոմ, ուր կը նահատակուի 67 թուին, Ներոնի յարուցած հալածանքներուն սկիզբը։ - Մեր յաջորդ խորհրդածութիւնը պիտի ըլլայ Ս. Պօղոսի նամակներուն կամ թուղթերուն մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.